image

Երեւանէն արձագանգ Հուլուսի Աքարի խօսքերուն

Երեւանէն արձագանգ Հուլուսի Աքարի խօսքերուն

Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը արձագանգած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Հուլուսի Աքարի` Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ յայտարարութեան։

«Կարծում եմ, որ Թուրքիան շատ աւելի կառուցողական դեր կարող է խաղալ (Հայաստան-Ատրպէյճան – խմբ․) կարգաւորման գործընթացում։ Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացում արդէն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կեանքի կոչումը, մասնաւորապէս՝ երրորդ երկրների քաղաքացիների եւ դիւանագիտական անձնագիր կրող անձանց համար սահմանի բացումը, դրական նշանակութիւն կ՚ունենայ թէ՛ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների առոմով, թէ՛ իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ Հայաստան-Ադրբեջան կարգաւորման գործընթացի վրայ»,-ըսած է Կոստանեանը։

Փոխնախարարը նշած է, որ պաշտօնական Երեւանը կը սպասէ Անգարայի արձագանգին պայմանաւորուածութիւնը կեանքի կոչելու մասով․ «Գիտէք, որ հայկական կողմում բոլոր ենթակառուցուածքներն արդէն իսկ պատրաստ են»։

Թուրքիոյ խորհրդարանի պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Հուլուսի Աքարը յունուար 29-ին Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած էր, որ Հայաստանը պէտք է որքան հնարաւոր է շուտ ընդունի Ատրպէյճանի մեկնած խաղաղութեան ձեռքը, հակառակ պարագային լուրջ վնասներ կը կրէ, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի պարագային: