image

Երէկուան բախումներուն հետեւանքով հիւանդանոց փոխադրուածներուն թիւը անցած է 50-ը

Երէկուան  բախումներուն հետեւանքով   հիւանդանոց փոխադրուածներուն թիւը  անցած է 50-ը

Երէ ժամը 23:00-ի դրութեամբ տարբեր բժշկական կենտրոններ տեղափոխուած են 50 անձ: Անոնցմէ 34-ը ոստիկանութեան ծառայողներ են, 16-ը` քաղաքացիական անձեր, տեղեկացուցած է Առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Տուժածներէն մէկուն վիճակը ծանր է, վիրահատութեան ենթարկուած է:

Միւս տուժածները վնասուածքներու առաջին վիրաբուժական մշակում ստացած են:

Յիշեցնենք, որ ԱԺ ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները երէկ` Յունիս 3-ին, նախաձեռնած էին ԱԺ արտահերթ նիստ, որու օրակարգին ԱԺ յայտարարութեան նախագիծն էր` հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կապակցութեամբ, սակայն ՔՊ-ական պատգամաւորները չներկայացան նիստին եւ տապալեցին զայն: