image

Երասխի ուղղութեամբ կրակոցներ. Վիրաւորուած են 2 օտարերկրացիներ

Երասխի ուղղութեամբ կրակոցներ. Վիրաւորուած են  2 օտարերկրացիներ

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, 14 յունիսին, ժամը 11:30-ի սահմաններուն տարածելով ապատեղեկատւութիւն այն մասին, թէ իբր ՀՀ Զինուած ուժերը կրակ բացած է Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, ստեղծելով տեղեկատուական հիմք, 10-15 վայրկեան անց՝ ժամը 11:45-ի սահմաններուն, նոյն ուղղութեամբ կրակ բացած է Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վիրաւորում ստացած է օտարերկրեայ 2 քաղաքացի։

Այս մասին յայտնած է ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ատրպէյճանական զինուած ուժերու կրակոցէն վիրաւորում ստացած օտարերկրեայ քաղաքացիներն ազգութեամբ հնդիկներ են։ Անոնք այս պահուն բժշկական օգնութիւն կը ստանան Արարատի բժշկական կեդրոնին մէջ։ Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արայիկ Սարդարեանը։

 Անոր խօսքով՝ վիրաւորներու կեանքին վտանգ չի սպառնար։

«Մէկը կրծքավանդակի շրջանում է վնասուածք ստացել, միւսը՝ ուսայօդի շրջանում։ Վիրահատուել են»,- մանրամասնած է տնօրէնը։