image

Եմէնէն հրթիռներ դէպի Իսրայէլ

Եմէնէն հրթիռներ դէպի Իսրայէլ

Եմէնի զինուած ուժերու ներկայացուցիչ, աւագ գնդապետ-զօրավար Եահիա Սարին յայտարարած է Պաղեստինին ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին։

Ան, մասնաւորապէս, նշած է,  որ Եմէնի զինուած ուժերը արդէն իսկ հարուածներ հասցուցած են իսրայէլեան կառոյցներուն՝ «յաջակցութիւն պաղեստինեան ժողովուրդի»։

«Մեր զինուած ուժերը պալիսթիք եւ թեւաւոր հրթիռներով հզօր հարուածներ հասցուցած են, ինչպէս նաեւ մեծ քանակութեամբ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած են Իսրայէլի տարբեր թիրախներ:

Մենք պիտի շարունակենք հրթիռներով ու ԱԹՍ-ներով աւելի հզօր գրոհները այնքան ժամանակ, մինչեւ իսրայէլեան յարձակումը Պաղեստինի ժողովրդի դեմ դադարի»,- յայտարարած է Եմէնի Զինուած ուժերու ներկայացուցիչը՝ ըստ էութեան, հաստատելով, որ իր երկիրը պատերազմ յայտարարած է Իսրայէլին։