Լիբանանցի յայտնի երգչուհի Էլիսա ուղղուած է դէպի Միացեալ Նահանգներ բուժուելու նպատակով։
Այս մասին կը կարդանք՝ համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ անցնող օրերուն Էլիսայի երկրպագուները աղմուկ բարձրացուցած են անոր առողջական վիճակին մասին եւ մտահոգուած, որ երգչուհին առանց յայտարարութիւն միսկ կատարելու մեկնած է Լիբանանէն։
Աւելի ուշ Էլիսա հանդէս եկած է կարճ գրութեամբ ու յայտարարած, որ մտահոգուելու պատճառ չկայ։
Նշենք, որ առաջին անգամը չէ, որ սիրուած երգչուհին բուժման համար արտերկիր կը մեկնի։
Էլիսան այսօրուայ դրութեամբ կը համարուի 2000-ական թուականներէն սկսեալ Լիբանանի եւ Արաբական աշխարհի ամենափայլուն աստղերէն մին, թէ իր արուեստի «լուք»ով եւ թէ ալ բեմական հմայքով։