image

«Եղածը խախտում է» Իրանէն «գաղջ» պատասխան դիւանագէտներու վտարումին դիմաց

«Եղածը խախտում է» Իրանէն «գաղջ» պատասխան դիւանագէտներու վտարումին դիմաց

Իրան այն կարծիքին է, որ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւնները իրանցի դիւանագէտներու նկատմամբ, որոնց Պաքուն յայտարարած էր «անցանկալի անձ», կը հակասէ բարիդրացիական յարաբերութիւններու սկզբունքին։ Այդ մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նասեր Քանաանին։

«Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կառավարութեան այդպիսի վարքագիծը կը համարենք բարիդրացիական սկզբունքներուն հակասող»,- նշած է իրանցի պաշտօնեան։ 

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը Պաքուին կոչ ըրած է «փոխադարձ յարգանք ցուցաբերել եւ շարժիլ բարիդրացիութեան ուղղութեամբ», ինչպէս նաեւ «հեռու մնալ տարածաշրջանի թշնամիներէն, յանձինս Իսրայէլի սիոնիստներէն»։

Յիշեցնենք, որ օրերս Ատրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատան 4 աշխատակից «անցանկալի անձ» յայտարարուած է։ Ապրիլ 6-ին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Ատրպէյճանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սէյիտ Ապպաս Մուսավին։ Հանդիպման ընթացքին ատրպէյճանական կողմը Իրանի դեսպանին խիստ դժգոհութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի դէմ իր երկրի սադրիչ գործողութիւններու վերաբերեալ։

Իրանի դեսպանին տեղեկացուցած են, որ Իրանի դեսպանատան չորս աշխատակից Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած է «անցանկալի անձ»՝ դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող եւ 1961 թուականի Վիեննայի դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին համաձայնագրին հակասող գործունէութեան համար:

Արդէն մի քանի տարի է՝ խիստ լարուած են հարեւան այս երկու երկիրներու յարաբերութիւնները։ Թեհրանը պարբերաբար զօրավարժութիւններ կ'իրականացնէ Ատրպէյճանի սահմաններուն, իսկ Ատրպէյճանն իր հերթին հակաիրանական քարոզչութիւն կը տարածէ ոչ միայն երկրի մէջ, այլեւ արտաքին դաշտի՝ զարգացնելով Իրանի վաղեմի հակառակորդներէն մէկու՝ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները։