Առաջիկայ 5 օրերուն Արարատի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի եւ Երեւանի մէջ կը սպասուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ: Ազգաբնակչութեան կը յորդորենք պահպանել հրդեհավտանգութեան կանոնները:
Հանրապետութեան տարածքին 22 Օգոստոսի ցերեկը, 23-26-ին` գիշերը եւ կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ 27 Օգոստոսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ:
Քամին` հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 15-20 մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանը 25-27 Օգոստոսի ցերեկը աստիճանաբար պիտի բարձրանայ 3-4 աստիճանով:
Երեւան քաղաքին մէջ 22 Օգոստոսի ցերեկը, 23-27-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, երեկոյեան ժամերուն հնարաւոր է քամիի ուժգնացում՝ 16-18 մ/վ: