image

Էդգար Յունանեան նշանակուած է ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատար

Էդգար Յունանեան նշանակուած է ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատար

Գնդապետ Էդգար Յունանեանը նշանակուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատար։ Համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը։

Նշենք, որ մինչ այդ Յունանեանը եղած է ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատարի առաջին տեղակալ–շտաբի պետ։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու հրամանատարն էր գնդապետ Արման Մարալչեանը։ Ան ազատուած էր զբաղցուցած պաշտօնէն 2023–ի ապրիլին։ Ատկէ ետք ՀՀ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու հրամանատարի պաշտօնը թափուր էր։