image

ԵԱՏՄ երկիրներու վարչապետները Երեւանի մէջ են. ինչ կը քննարկեն միջկառավարական խորհուրդի նիստին

ԵԱՏՄ երկիրներու վարչապետները Երեւանի մէջ են. ինչ կը քննարկեն միջկառավարական խորհուրդի նիստին

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու վարչապետները Երեւանի մէջ են՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Այսօր առաւօտեան անոնց դիմաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Նիստին կը մասնակցի նաեւ Իրանի փոխնախագահ Մոհամմատ Ռեզա Արեֆը: Ինչպէս յայտնի է, անցեալ տարուան դեկտեմբերին ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ստորագրուած է ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիր:

«Հնգեակի» պետութիւններու վարչապետները պիտի քննարկեն միութեան շրջածիրէն ներս տնտեսական համագործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ: Նիստի օրակարգի մէջ ընդգրկուած է 20 հարց, որմէ 5-ը պիտի քննարկուին նեղ կազմով: Մասնաւորապէս, կողմերը պիտի քննարկեն արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները մինչեւ 2030 թուականը, ապրանքներու փոխանակման շուկայի ձեւաւորման հայեցակարգն ու տեղեկատւութեան փոխանակման կանոնները:

Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի ներքին շուկայի գործունէութեան, արդիւնաբերական, փոխադրային, մաքսասակագնային, գիւղատնտեսական եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման հարցերուն: Միջկառավարական խորհուրդի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են նաեւ շարք մը երկկողմ հանդիպումներ։

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը միջազգային համարկման տնտեսական միաւորում է, որ կը գործէ 2015 թուականի յունուար 1-էն: Միութեան անդամներն են Ռուսիան, Հայաստանը, Պելառուսիան, Ղազախստանն ու Ղրղզստանը: