Երեւանի մէջ ընթացող Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի, Կիպրոսի եւ Շուէտի պատգամաւորները 18 նոյեմբերին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ Ազգային Ժողովէն, հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, յարգած Սուրբ նահատակներու յիշատակը:
«Մենք կը կարեւորենք Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը: Ունինք նաեւ մեր յստակ դիրքորոշումն այն ամէնուն վերաբերեալ, ինչ կատարուած է Ատրպէյճանի կողէ: Մենք հայ ժողովուրդի կողքին ենք»,- ըսած է ԵԱՀԿ ԽՎ Ֆրանսիայի պատվիրակութեան անդամ Պասկալ Լըկանը:
ԵԱՀԿ Խորհրդարանական վեհաժողովի Կիպրոսի պատուիրակութեան ղեկավար Արին Խարալամպիտէս նշած է, որ Կիպրոսն առաջին երկիրներէն է, որ դատապարտած է հայերու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Ան աւելցած է, որ այն ամէնը, ինչ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան հետ, նոյնպէս խստօրէն պէտք է դատապարտուի:
