image
Հրատապ լուրեր:

Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ  տօնական արարողութիւններ

Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ  տօնական արարողութիւններ

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեանի, օրերս, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին եւ Յիշատակ Մեռելոց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։

Կատարուեցաւ նաեւ Ջրօրհնէք, որպէս խորհրդանիշ Քրիստոսի մկրտութեան։ Խաչի կնքահայրն էր՝ Վարդան Պիթառ։

Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ՝ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի: Ձեզի մեզի մեծ աւետիս: