image

Դժուար է մեր դէմ լայնածաւալ յարձակում սկսիլ. Ուքրանացի գործիչ

Դժուար է մեր դէմ լայնածաւալ յարձակում  սկսիլ. Ուքրանացի գործիչ

Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի (ԱԱՊԽ) քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով կը կարծէ, որ Ուքրանիոյ վրայ լայնածաւալ յարձակումը ֆիզիքապէս անհնար է:

«Մենք հիմքեր չենք տեսներ մեր երկրին վրայ լայնամասշտաբ յարձակման մասին պնդումներու համար: Այդ նոյնիսկ ֆիզիքապէս անհնար է ընել», նշած է ան:

ԱԱՊԽ քարտուղարը ընդգծած է, որ ռուսական զինուած ուժերու տեղաշարժեր իրենց տարածքին մէջ իսկապէս տեղի կ'ունենան, բայց անոնք մշտապէս եղած են: Միաժամանակ ան նշած է, որ Ուքրանիոյ հետ սահմանին ռուսական զօրքերու կուտակման մասին որոշ արտասահմանեան լրատուամիջոցներու հաղորդագրութիւնները չեն հաստատուիր ուքրանական հետախուզութեան կողմէ: «Ինչ կը վերաբերի բնակչութեան` հանգստութիւն, հանգստութիւն եւ եւս մէկ անգամ հանգստութիւն: Եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, մենք համազգային ահազանգման համակարգ ունինք, մենք ոչինչ չենք թաքցներ... Եթէ որեւէ ֆորսմաժորային հանգամանքներ ըլլան, մենք յստակ կը հասկնանք, թէ ինչ պէտք է ընենք… Պէտք չէ հիմա մենք մեզի վախցնենք», ընդգծած է Տանիլովը: