image

«Ձեզ կը հարցնեմ, տիկիններ եւ պարոններ...» (Նշան Տինկոյեանի յիշատակին)

«Ձեզ կը հարցնեմ, տիկիններ եւ պարոններ...» (Նշան Տինկոյեանի յիշատակին)

  Ճակատագիր եւ ճակատագրին  կողքին քալող «սեւ շուն»։ Այդ մասին   կը  պատմէ    օրեր  առաջ  մեր նաշտօնակից «Ազատ Օր»ի  էջերուն լոյս տեսած եւ Ք.Է. ստորագրութիւնը կրող  յօդուածը։

 Մահագրութիւնը, որ սովորական գիրէ մը  շատ աւելին է կը պատմէ   յօդուածագրի  «հերոս»ին մասին, որ տարիներ առաջ առողջական   խնդիր մ՚ունենալով «քամուած»  մնացած էր  անկողնին եւ այդ վիճակով  կարեկցանքի եւ  ուշադրութեան  տխուր փուլ մը փակելէ ետք  առ  յաւէտ հեռացած էր իր սիրելիներէն եւ բարեկամներէն,   պատանեկութեան եւ վաղ  երիտասարդութեան  քաղցր վերյուշ մը դառնալով բոլոր անոնց համար, որ մօտէն ճանչցած են Նշան Տինկոյեանը։

 Տխուրը, մեզ հետ  քալողը, մեր  անցողիկ կեանքին մաս կազմողը  այո՛   ճակատագրի  այդ «սեւ շուն»ն է, որ յաճախ անարդարօրէն կը հարուածէ  ու մեզ ալ   կ՚առնէ  իր  մեծ հարցումներուն ու անողոք խաղերուն մէջ։

  Զարմանալի  ալ չէ  բնաւ, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, իր գիտակցական կեանքի ողջ ընթացքին  կ՚ապրի  այդպիսի   ցաւեր։

 Ցաւեր, որ կապուած են անողոք ճակատագրի խաղերու, վաղ    կորուստներու եւ   կեանքին    հազիւ  բացուած նորաբաց   ծաղիկներու  անկումին հետ։ 

 Կեանքի ելեւէջներ,   ազգի    ցաւեր  եւ     սրբութեան   համար  պայքարներ,  այդ բոլորի կողքին եւ յաճախ անոնցմէ աւելի    սրադռիչ կերպով  կը վազէ  ճակատագիրը ու այդ  բոլորին  հետ  մեր  մեծ կամքը,   մեր հաւատքն ու հաւատամքը, որ տեղ մը  կը պատկերուի   Քրիստոսի  հաւատքով ու հանդերձեալ կեանքի եւ մշտամնայ դրախի  յոյսով։

 Նշան Տինկոյեանի մասին գրուած մահախօսականը  կը ներկայացնենք, մեր բոլորին   համար   ի բնէ «նախատեսուած»  յաճախ սեւ, ու յաճախ ալ անողոք ճակագատրի «սեւ շուներ»ուն ազդեցութիւն  փարատելու համար  եւ նոր արեւոտ օրեր  սպասելու  հաւատքով...։

 

 

 

 

Ամերիկահայ հանրածանօթ գրագէտ Զաւէն Սիւրմէլեանի սրտառուչ հարցումն է, որ ան կ՚ուղղէ համայն մարդկութեան, իր նշանաւոր համանուն գիրքին մէջ, խօսելով իր կեանքի ու հայ ժողովուրդի ոդիսականին մասին հայոց Եղեռնի սեւ օրերուն՝ իր ծնողքին, հարազատներուն ու անմեղ մանկութեան կորուստին դիմաց։

Ակամայ, նոյն հարցումը դարձեալ արձագանգեց ներաշխարհիս մէջ, երբ կարդացի դասընկերոջս՝ Նշան Տինկոյեանի մահուան լուրի մռայլ տողերը։ 

Երեսուն տարիէ ի վեր կրկնուող հարցումը, ուրուականի մը նման, իր աղօտ բայց հաստատ ձայնը լսելի կը դարձնէր մեր հոգիի խոր ծալքերուն մէջ, որպէս հնչող գանգատ՝ ճակատագրի այն սեւ շունին համար, որ քալեց Նշանի կողքին։

Սակայն այսօր, իր թաղման օրը, երբ դիմացս կը դիտեմ Նշանի անշունչ մարմինը, աղօտ ձայնը կը դառնայ ճիչ, վայնասուն, ցաւի աղաղակ՝ տղու մը համար, որ համակ բարութիւն էր, համեստութիւն ու ազնուութիւն, հակառակ, որ փոքր հասակէն ճաշակած էր հօր անսպասելի կորուստը, սակայն չէր վհատած, կանուխէն կեանքի պայքարին մէջ նետուած՝ կը դառնար ընտանիքի ողնասիւնը իր ազնիւ մօր ու երիտասարդ քրոջ համար։

Կարծես, դեռ երէկ էր, երբ հազիւ իր կեանքի 26 տարիներու գարունները չբոլորած, սիրելի երիտասարդը ընդմիշտ կը քամուէր անկողինին վրայ, ուղեղի խռնումի անողոք հարուածէն, որ անգթօրէն իջաւ իր վրայ ու մթագնեց գալիք գարուններն ու պայծառ օրերը։ 

Ձեզ կը հարցնեմ, տիկիններ եւ պարոններ..., կրնա՞ք ընդունիլ նման ճակատագիր ու կորուստ։ Չկրցանք հաշտուիլ անոր հիւանդութեան հետ. ամէն օր, երեսուն տարի շարունակ յուսացինք, որ ան իր աչքերը պիտի բանայ ու դարձեալ ոտքի կանգնած, պիտի միանայ իր սիրելի մօր ու հարազատներուն։ 

Հապա մա՞յրը, ի՞նչ ըսել, ինչպէ՞ս մխիթարել սրբակեաց կինը, որ մինակ, կերոնի մը նման ամէն օր վառեցաւ ու հալեցաւ, յուսաց այն փոքր լոյսի նշոյլին համար, այն յոյսին համար, երբ ծնողի համբերութեան աղբիւրը կը ցայտէր ամէն օր, տեսնելու համար հրաշքը, որուն հաւատքը վերջին կը սպառի...։

Հրաշքը չեղաւ, սակայն Նշանին սիրտը երեսուն տարի տրոփեց երկա՜ր այդ քունին մէջ, որուն դատապարտուեցաւ ապրիլ... ի՜նչ հեգնանք... ապրի՞լ...։ 

Սիրելի Նշան, մենք՝ դասընկերներդ, բարեկամներդ, քեզ կը յիշենք այն երիտասարդ դէմքով, ազնիւ նկարագրով, բարութեամբ լեցուն վարմունքով, որոնք առատօրէն ծաղկած էին սիրտիդ ու հոգիիդ մէջ։ Քեզ կը յիշենք այն բարի ժպիտով, ակումբէն ու եկեղեցիէն ներս, ազնուասիրտ ու համեստ։

Կ՚երթաս միանալու վաղամերիկ հօրդ, սակայն դէմքիդ ազնիւ կերպարը միշտ պիտի լուսաւորէ սիրելի մօրդ ու քրոջդ սիրտերը, որոնք որպէս պահապան հրեշտակներ կանգուն մնացին սնարիդ վրայ։

Պիտի յիշենք, քեզ, սիրելի բարեկամ։ Բայց, որքան ալ տարիները անցնին, որքան ալ կեանքը հարթէ ցաւն ու վիշտը, այդ անողոք հարցումը պիտի շարունակէ ճզմել մեր հոգիները, պատասխան մը ստանալու անյոյս սպասումով...։

«Ձեզ կը հարցնեմ, տիկիններ եւ պարոններ...»։

Ք.Է.