image

Նօնօ-ին Հրաժեշտ (Տիկն.Նուարդ Շահապօղլուի յիշատակին)

Նօնօ-ին Հրաժեշտ (Տիկն.Նուարդ Շահապօղլուի յիշատակին)

 

Օրերս  Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի բարեպաշտ   անձնաւորութիւններէն, պարզ ու համեստ անուն  համարուող եւ ընտանիքի մայր՝ Տիկն. Նուարդ Շահապօղլուն։

 Հանգուցեալը  հարազատ մօրաքրոյն է  մեր  բարեկամներէն՝ Պոլսոյ «ԺԱՄԱՆԱԿ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ՝Արա Գօչունեանին։

 Այս տխուր առթիւ,  մեր վշտակցութեան կողքին  «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսենք Տիար Գօչունեանի  այդ  առթիւ ստորագրած սրտազգաց  մահագրականը։

 

 

 

Այսպէս շուար, այսպէս մոլար ու խոհուն,

Միտք իմ չարչրկած, արհաւիրքներով ծանրաբեռն,

Կը քալես կածաններէ մեկուսի, անհաշտ՝ դուն քեզի,

Կը փորձես մեկնել, գտնել ճար ու դարման՝

Օրերուդ բորբ ու բոսոր, գալարումներուդ՝ անողոք,

Աղջամուղջին գացող ուրուականի մը նման սրտաբեկ,

Կ՚երթաս հեռո՛ւ, չես գիտեր, ո՞ւր կ՚երթաս…։

 

Միտք իմ չարչրկած,

Ո՞ւր կ՚երթաս, այսպէս շուա՜ր ու խոհուն։

 

Խ. ՏԷՏԷԵԱՆ

Հաւատացեալ էր, չափազանց։ Ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին մէջ այնքան խոնարհ էր, որ դժուար է պատկերացնել, թէ որքան կ՚ըլլայ Աստուծոյ առջեւ։ Միասին ուխտի գացած էինք Հայաստան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ միւռոնօրհնութեան մասնակցած էինք։ Մեր միասին մասնակցած միւռոնօրհնութեան օրը, լրագրող մտերիմ բարեկամ մը նկատած էր, որ թերթին լուր հասցնելէ զատ աճապարանք մըն ալ ունէի։ Հետաքրքրուեցաւ եւ ես ըսի. «Մօրաքոյրս ալ այստեղ է»:

 

-Արա ճան, մօրքուր ունիս, հա՞, ինչ լաւ...

 

Այո՛, շատ լաւ էր իսկապէս՝ մանաւանդ, որ իմ մօրաքոյրը՝ ընդունուած այդ կէս մօրմէն ալ շա՜տ աւելին էր։

 

Եւ այս ալ տեսանք այս կեանքին մէջ. մօրաքրոջ կորուստ։ Հազար ու մէկ քաղցր յիշատակ, մտքի մէջ քանդակուած պահեր եւ հիմա անոնք կը թափին անորոշութեան ովկիանին մէջ։ «Մայրդ շատ կը սիրենք, մեր հարազատ աղջիկն է, բայց դժուար է անկէ զատել մօրաքոյրդ, որ եւս շատ կը սիրենք, մեխակի պէս աղջիկ է», մեծ մօրս՝ Լիլի Գօչի ձայնը կ՚արձագանգէ ականջիս մէջ։ Հիմա մեր մեխակը թառամեցաւ կարծես...

Շատ փոքր տարիքէ զգալի դարձած է ինծի համար մեր ընտանիքէն ներս այն թանձր վիճակը, որ ծագած էր ինծի անծանօթ հօրեղբօրս 11 տարեկանին ողբերգական մահով։ Առաջին իսկ օրէն ընտանիքին մէջ ամէն մարդ այդ հարցը կ՚ընկալէր մեծ մօրս տեսանկիւնէն։ Որդեկորոյս մայր էր, ի վերջոյ։ Տարիներ անց աստիճանաբար անդրադարձայ, որ ինձ համար ալ զրկանք մը եղած էր՝ քանի չէի կրցած վայելել հօրեղբօր սէրը։ Եւ այդ զրկանքը համեմատութեան կարգով կը պատկերացնէի, չափանիշս պարզ էր՝ մօրաքրոջս ու մօրեղբօրս ինծի նկատմամբ վիթխարի սէրը։ Մեծ մօրս սիրած մեխակը իմ կեանքին կը ներգործէր հրաշքներով։ Չէ՞ որ, սէրը ծնունդ կու տայ հրաշքի, իսկ իր մօտ առատօրէն կար այդ սէրը՝ բոլորին համար լի ու լի։

 

Մեր երիտասարդութեան տարիներուն նորոյթ դառնալ սկսած էր՝ տղամարդկանց մազ երկարելը։ Մինչեւ կռնակիս մէկ երրորդը կը հասնէին նաեւ իմ մազերս։ Մօրաքրոջս աղջիկը պիտի պսակուէր եւ ուզած էին վրաս ճնշում բանեցնել, որպէսզի մազերս կտրել տամ։ Անշուշտ, տեղի պիտի չտայի։ Ի վերջոյ ըսին, որ հարսանիքի օրը Նօնոյին պիտի ընկերանայի եկեղեցի մտնելու ատեն եւ այդ մազերով կարելի չէր, եւ այլն։ Հարսանիքէն օր մը առաջ, այլեւս երեկոյեան գացի սափրիչին: Այդքան խնամած մազերս զոհած էի մօրաքրոջս համար։

 

Այսօր ալ ինչ ըսես կրնայի զոհել, որպէսզի շարունակէր տակաւին ըլլալ մեզի հետ, բայց նախախնամութենէն անդին բան չկայ։ Սրտիս մէջ կը մնայ յիշատակը մեր վերջին երկուքով ըրած պտոյտին։ Աշնան օր մը, Մոտայի մէջ, ամբողջ յետմիջօրէ մը անցուցած էինք զրուցելով։ Քալել, թէյ խմել, անմիջականութիւն, մայրամուտ եւ ի վերջոյ տուն։ Այդ երկուքով մեր վերջին օրուան յիշատակը այլեւս կը տանիմ առանձին։

 

Ով որ սիրած է զիս, կամ այդպէս զգացած եմ, փորձած եմ փոխադարձել զինքը հնարաւորինս խնդացնելով։ Կ'երեւի այս կեանքը առիթ մը կու տայ օր մը Նօնոյին հետ այդ հաշիւն ալ տեսնելու: Թէ ինք զիս աւելի շատ սիրած էր, կամ թէ ես զինքը աւելի շատ խնդացնել յաջողած էի։

 

Հրաժե՞շտ... Իրե՞ն... Մեր պարագային առաւելագոյնը Գնալըի նաւամատոյցին իմ ետեւէս ձեռք շար-ժելն էր ու մենք յաճախ զիրար կը վերագտնէինք յաջորդ առաւօտ, իսկ ես այդ անգամ չէի սիրեր...

 

Ոչ եւս է ամենասիրելի մօրաքոյրս՝

 

ՏԻԿԻՆ ՆՈՒԱՐԴ ՇԱՀԱՊՕՂԼՈՒ

 

Տէրը լուսաւորէ բարի հոգին, ննջէ խաղաղ ու հանգիստ, սուրբ Աստուածամայրը չզլանայ բարեխօսութիւնը իրեն համար, որպէսզի արժանանայ երկնային պսակներու եւ հողը վրան թեթեւ գայ։