Ակումբները: Խմբագրատուները: Կազմակերպութիւնները: Եւ մտաւորականները:
Բոպիկ մտաւորականները:
Ապա՝ ժամանակը: Ներկան: Մեր մտահոգութիւնները, պատմութիւնը, իղձերը, երազները, ժողովուրդը:
Տակաւին չեմ համարձակիր բայ մը գործածել: Ժամերով եւ էջերով բառեր կրնամ թուել. Բայց այս բոլորին մէջ նախ պէտք է յանգիմ ներդաշնակութեան, ու կարգ մը բառեր հաշտեցնեմ իրարու հետ:
Բայց ինչպէ՞ս հաշտեցնեմ մտաւորական եւ հաշիւ բառերը:
Ո՞վ է առաջնորդը, եւ ո՞վ է հետեւորդը:
Յետոյ, բառարանին մէջ կայ անշուշտ շատ պատկերալից բառ մը, որ սխալ սահմանուած է դժբախտաբար: Բոպիկ բառը պէտք չէ գործածել ոտքի մերկութիւնը բնորոշելու համար, այլ՝ միտքի մերկութիւնը: Եւ այսպէս կ'ունենանք միտքի բոպիկութիւն կոչուած պատկերը, որ կարծէք մասնաւոր կերպով ստեղծուած է մեր մտաւորականներուն համար: Ոտքի բոպիկութիւնը կամ մերկութիւնը շատ ընդհանրացած եւ հասարակ երեւոյթ մըն է, մինչդեռ միտքի բոպիկութիւնը մասնայատուկ երեւոյթ է, եւ հետեւաբար արժանի մասնաւոր ուշադրութեան:
Այս բոլորին մէջ սակայն նախ իրաւունքի հարց մը պէտք է արծարծել: Իրաւունքն ալ այլ պատմութիւն եւ այլ բառ: Այս մասին յաջորդիւ: Սակայն ո՞վ իրաւունք տուած է միտքով բոպիկ սա հանճարներուն, որ սեբականացնեն մտաւորական բառը: Պարզօրէն խօսած իրաւունքներու բռնաբարում է այս: Որովհետեւ մտաւորականը բնաւ հետեւորդ չի կրնար ըլլալ. իսկ հաշիւ՝ բնա՛ւ չունենար: Կրնայ ունենալ միա՛յն նպատակ :
Չմոռնալ բառը: Նպատակ: Ասոր հոմանիշներն են հետեւեալները.- խենթութին, սրբութիւն, անձնուրացութիւն, եւ անանձնականութիւն:
Բայց նկատելով, որ մեր մտաւորականները հետեւորդներ են ընդհանրապէս, ու նկատի ունենալով նաեւ, որ անոնք կ'առաջնորդուին իրենց հաշիւներով, պատշաճ եւ արդար է, որ անոնք բնաւ դուրս չգան իրենց ակումբներէն եւ խմբագրատուներէն, եւ շարունակեն պաշտել իրենց աստուածները, այսինքն՝ եսերը: Բայց նաեւ բնա՛ւ չառաջնորդեն այս ժողովուրդը, որովհետեւ հետեւորդը, ըստ բառերու սահմանումին, զուրկ կ'ըլլայ առաջնորդելու կարողութենէն: Ինչպէ՞ս բացատրել այս հակասութիւնը: Բառերու դաւաճանութիւնը չէ՞ դարձեալ միթէ այս:
Ու տակաւին՝ նկատելով, որ մեր մտաւորականները խենթ չեն (եւ չեն ալ ուզեր ըլլալ- քաւ լիցի), այլ խելօք, շատ խելօք մարդիկ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կ'ակնկալէք, որ անոնք նպատակ ունենան: Անհեթեթ միամտութիւն է ասիկա: Ու վերադառնալով հոմանիշներուն, մարդ մը, որ խենթ չէ, ինչպէ՞ս կ'ակնկալէք, որ հաւատայ սրբութեան, անձնուրացութեան եւ անանձնականութեան: Արդարեւ խենթ մը միայն կրնայ այս կարգի անկարելի գաղափարներ ծամծմել կամ որոճալ: Մինչդեռ մեր մտաւորականները դէմ են որոճալուն: Անոնք կը հաւատան կուլ տալուն, այսինքն կլլելուն, որովհետեւ կուլտուրայի նուիրեալներ են: Եւ կուլ կու տան մեր իրաւունքները, հարստութիւնը, երազները, միջոցները, կարելիութիւնները, ներկան, ապագան, եւ բնաւ, բնա՛ւ չեն որոճար: Որովհետեւ որոճալու ժամանակ չունին: Կուլ տալը շատ դժուարին աշխատանք է վերջապէս եւ որոշ զոհողութիւն մը կ'ենթադրէ: Եւ հետեւաբար՝ կը շարունակեն կուլ տալ երիտասարդութիւնը, ապագան, մե՛ր ապագան:
Փառք, փա՜ռք մտաւորականներուն,
Որոնք կ'առաջնորդեն այս ժողովուրդը,
Բայց որ կ'առաջնորդուին իրենց եսերով:
Ցաւալին այն է սակայն, որ բոլոր ժողովուրդներու բառարաններուն մէջ մեր այս տխմարներուն պատշաճող ածական մը չեն կրցած գտնել ցարդ: Այս՝ փակագիծի մէջ:
Ու տակաւին փա՜ռք կուլտուրայի նուիրեալներուն, որոնք կը սիրեն միայն կուլտուրան , այսինքն կուլ տալը, եւ ոչ թէ մարդը, հայը, ժողովուրդը:
Այո, փառք, հազա՜ր փառք իրենց, որովհետեւ հաւատարիմ կը մնան իրենց սիրոյն, ու չեն դաւաճաներ անոր, բնաւ չեն դաւաճաներ անոր: Սակայն ինչպէ՞ս դաւաճանեն: Ժամանակ ունի՞ն միթէ: Չէ՞ որ բազմազբաղ մարդիկ են անոնք, ու կ'առաջնորդեն այս ժողովուրդը:
Կ'առաջնորդեն այս ժողովուրդը:
Բայց դէպի ո՞ւր, դիպի ո՛ւր:
Գէորգ Աճէմեան
«Պիտի Չարչարեմ Բառերը» (Հատուած)