«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի եւ «Մուլտի գրուպ» ընկերութեան տնօրէն Սեդրակ Առուստամեանի վերաբերեալ գործով դատական նիստի ժամանակ Ծառուկեանի ու դատախազ Դաւիթ Աղաջանեանի միջեւ լեզուակռիւ սկսաւ։
Նիստը կ'ընթանար Հակակոռուպցիոն դատարանէն ներս դատաւոր Արամ Գրիգորեանի նախագահութեամբ։
Դատախազի ելոյթէն ետք Գագիկ Ծառուկեանը որոշեց իր տեսակէտն արտայայտել ընթացող լսումներու վերաբերեալ։
«Դատախազի խօսքը լսելիս ես ուղղակի ամաչում եմ, որ 100-ից աւելի քննիչ մի 1000-2000 հոգու են քննել տանել–փակելով, որին` երկու ամիս, որին` մէկ ամիս... Թող յարգելի դատախազը թէկուզ մէկ օրինակ բերի, որ էդքանից մէկն ասած լինի` Ծառուկեանը գումար է տուել, որ տանեմ կաշառք տամ։ Ծառուկեանն ո՞ւմ է փող տուել»,– դիմելով դատախազին` հարցուցած է Ծառուկեանը։
Աղաջանեանն իր հերթին դիմած է դատաւորին, որ դատարանը մեղադրեալին զսպուածութեան, համապատասխան վարքագիծի կոչ ընի մեղադրեալին։
Ծառուկեանը բարկացաւ. «Դու փաստ ունե՞ս իմ վրայ, որ մեղադրում ես»,–ըսած է ան դատախազին։
Դատախազի եւ Ծառուկեանի միջեւ կարճ լեզուակռիւ սկսաւ։ Անկէ ետք դատաւորը կողմերուն կոչ ըրաւ զուսպ արտայայտուելու, անձնական դաշտ չմտնելու։