Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Դրական լուր մը ի վերջոյ Լիբանանէն։ Վարչապետ Միքաթիի կառավարութիւնը համաձայնութիւն մը գոյացուցած է Համաշխարհային փոխարժէքի սնտուկին հետ, որուն հիմքով երկարաժամկէտ բայց ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐուած դրամաշնորհ մը պիտի տրուի Լիբանանին։ Դրամաշնորհի օգտագործման ընթացքը պիտի ըլլայ հսկողութեան տակ ու նաեւ ճամբայ բանայ, որ Լիբանանի շրջանային գործընկերներ դրամական վարկեր եւ անվարձահատոյց գումարներ տան Լիբանանին։ Ասոր զուգահեռ Սէուտական Արաբիա վերադարձուցած է իր դեսպանը ու այս առումով ալ Արաբական Ծոցի երկիրներու կողմէ կարեւոր աշխուժութիւն կը սպասուի տագնապահար Լիբանանին։
Կարեւորն այն է, որ այս գործընթացները շարունակուին յառաջիկայ Մայիսին կայանալիք ընտրութիւններէն ետք ալ։
Նոյն թեմային հետ կապուած Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք ՝
Միջազգային դրամական ֆոնտը այս իմաստով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բարգաւաճման ծրագիրը հիմնուած է Լիբանանի ենթակառոյցի վերանորոգման եւ վերակառուցման, պետական հաստատութիւններու, յատկապէս ուժանիւթի նախարարութեան կառոյցներու բարեկարգումին, փտածութեան եւ դրամի լուացումի դէմ պայքարելու վրայ:
«Մեր ծրագիրը կը միտի դրամատնային համակարգը վերակազմակերպել, որպէսզի դրամատուները իրենց կարողութիւնները վերահաստատեն եւ աշխատանքը արժանաւոր կերպով շարունակեն, ինչպէս նաեւ կեանքը աշխուժացնելու աղբիւրներ ապահովեն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: