image
Հրատապ լուրեր:

Դիւանագիտական սկանտալ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ

Դիւանագիտական սկանտալ Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ

Իրան բողոք ներկայացուցած է Մոսկուային Քազանի համալսարանի իրանցի ուսանողները «բռնութեամբ» ձերբակալելու կապակցութեամբ, յայտնած են Իրանի պաշտօնական աղբիւրները։

IRNA պետական լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ռուսիոյ մէջ Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը, հաղորդած է, որ նախօրէին երկու իրանցի ուսանող Քազանի դաշնային համալսարանի վիզաներու երկարաձգման կեդրոնին մէջ ձերբակալուած են եւ դաժան ծեծի ենթարկուած ռուս իրաւապահներու կողմէ։

Ի պատասխան՝ Իրան բողոք ներկայացուցած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ դատապարտելով «ոստիկանութեան կողմէ իրանցի ուսանողներու նկատմամբ բռնի վերաբերմունքը»։ Պաշտօնական Թեհրանը Մոսկուայէն «բացատրութիւններ» պահանջած է կատարուածի առնչութեամբ։ Ուսանողներն, ըստ հաղորդումներուն, Քազանի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան միջամտութենէն յետոյ, յաջորդ երեկոյեան ազատ արձակուած են։

Ռուսաստանեան իրաւապահները պնդած են, որ ձերբակալուած օտարերկրացիները «իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու» մեղադրանքով ձերբակալուած են ։