Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել «Թուիթըր»ի իր էջին գրառմամբ, անդրադարձած է Հայաստան ուղարկուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան:
«Մենք մեկնարկեցինք Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը, որն այժմ կը գործէ եւ այսօր իրականացուց իր առաջին պարեկութիւնը։
ԵՄ առաքելութիւնը պիտի նպաստէ մարդոց ապահովութեան, վստահութիւն պիտի ստեղծէ տեղւոյն վրայ եւ պիտի աջակցի միութեան ջանքերուն՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ», գրած է ան: