«Դիմադրութեան» շարժման մասնակիցները Ֆրանսայի հրապարակէն երթով հասան կառավարութեան երրորդ մասնաշէնք:
ԱԺ փոխխօսնակ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Մենք գնում ենք կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնք մեր նախօրօք յայտարարուած պահանջը ներկայացնելու եւ հասկանալու շէնքում նստած նախարարների եւ քաղաքական պաշտօն զբաղեցնող անձանց դիրքորոշումը»:
Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի մուտքին մեծ թիւով ոստիկաններ շղթայ կազմած եւ փակած էին մուտքը:
«Այժմ ընդդիմադիր 2 խմբակցութիւնների պատգամաւորներ կը բարձրանան նախարարութիւնների շէնք, կը հանդիպեն կոնկրէտ նախարարներին` հասկանալու համար` իրենք կո՞ղմ են այն փաստաթղթին, որը մեր բոլորի կողմից հրապարակուել է», ըսաւ Սաղաթէլեան` յիշեցնելով իրենց ներկայացուցած յայտարարութեան մէջ ամրագրուած պահանջները:
Փոխոստիկանապետ Կամօ Ցոցուլեան ըսաւ, որ պիտի ճշդէ նախարարներուն հետ` արդեօք պատրա՞ստ են ընդունելու պատգամաւորները, որմէ յետոյ թոյլ կու տան ընդդիմադիր պատգամաւորներուն մուտք գործել շէնք:
Որոշ ժամանակ անց իրավիճակը լարուեցաւ, ցուցարարները սկսան հրել շղթայ կազմած ոստիկանները, վերջիններս կրցան դիմադրել եւ թոյլ չտուին ցուցարարներուն մուտք գործել շէնք: Ուժեղ հրմշոց սկսաւ, որուն հետեւանքով երիտասարդ ոստիկաններէն մէկուն ինքնազգացողութիւնը վատացաւ, ոստիկանները զայն գրկած դուրս բերին հրմշտոցի վայրէն: