image
Հրատապ լուրեր:

Դեսպան Փօլատեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Օմանի Սուլթանութեան

Դեսպան Փօլատեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Օմանի Սուլթանութեան

8 Մայիսին Օմանի մէջ ՀՀ դեսպան (նստավայրը՝ Գահիրէ) Հրաչեայ Փօլատեանը հաւատարմագրերու պատճէնը յանձնած է Օմանի Սուլթանութեան արտաքին գործոց նախարար Պատըր Ալպուսաիտիին։

Շնորհաւորելով դեսպանը նշանակման կապակցութեամբ՝ նախարար Ալպուսաիտին նշած է, որ Օմանը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ։ Նախարարը կարեւորած է Հայաստանի դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։

Առանձնազրոյցի ընթացքին դեսպան Հր. Փօլատեանը ներկայացուցած է հայ-օմանեան յարաբերութիւններու զարգացման ներկայ փուլը՝ առաջարկելով մօտ ապագային ստորագրել մօտ մէկ տասնեակ փաստաթուղթ, որոնք վերջին ժամանակաշրջանին բանակցուած են, սակայն չեն կնքուած։

Զրոյցի աւարտին կողմերն ընդգծած են երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման անհրաժեշտութիւնը։ 

Նոյն օրը դեսպան Հր. Փօլատեանը հանդիպած է Օմանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։