image

Դէպքերէն 3 ամիս անց. Ատրպէյճանական ուժեր կը շարունակեն պահել իրենց դիրքերը Փառուխի մերձ

Դէպքերէն 3 ամիս անց. Ատրպէյճանական ուժեր կը շարունակեն պահել իրենց դիրքերը Փառուխի մերձ

Փառուխի եւ Քարագլխի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ: Ատրպէյճանական բանակը կը շարունակէ դիրքաւորուած մնալ Փառուխէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ, գիւղին մէջ ռուսեր են, իսկ հայերը չեն կրնար վերադառնալ հարազատ գիւղ: 

 

Շուրջ երեք ամիս անցած է, երբ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեամբ ատրպէյճանական զինուժը նոր դիրքեր գրաւած էր Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ` զբաղեցնելով նաեւ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Քարագլուխ բարձունքին մէկ մասը:

Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւններու մէջ կը նշուէր, որ ռուսական կողմը իր պատասխանատուութեան գօտոէն պէտք է ապահովէ ատրպէյճանցիներու դուրսբերումը, տեղացիներու փոխանցմամբ` Փառուխի եւ Քարագլխի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ:

Ատրպէյճանական բանակը կը շարունակէ դիրքաւորուած մնալ Փառուխէն մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ, գիւղին մէջ ռուսեր են, իսկ հայերը չեն կրնար վերադառնալ հարազատ գիւղ: 

Փառուխի նախկին գիւղապետ Արտիւշա Միքայէլեան ըսած է. «Ռուսները Փառուխի մօտ անցակէտ են տեղադրել, ոչ ոքի թոյլ չեն տալիս մտնել գիւղ: Վերջերս անգամ գիւղապետն է փորձել մտնել, չեն թոյլատրել: Իրավիճակը Փառուխում որեւէ փոփոխութիւն չի կրել, գիւղում շարունակում են մնալ ռուսական զօրքերը, իսկ գիւղից մօտ 200 մ քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ ատրպէյճանցիները:

Փառուխի բնակիչները, որոնք ատրպէյճանցիների յառաջխաղացումից յետոյ լքել էին գիւղը, այլեւս չեն կարողացել վերադառնալ գիւղ, իրենց իրերը, տունը, անասունները,  ամէն ինչ մնացել է գիւղում, թէ ադրբեջանցիները տարել են դրանք, ինչ են արել, արդէն տեղեակ չեմ: Հիմա ամէն մէկը մի գիւղում է տեղաւորուել, մի մասն էլ Ստեփանակերտում վարձով է ապրում: Ես էլ իմ ընտանիքով այժմ Ստեփանակերտում վարձով եմ ապրում», ըսաւ Միքայէլեան:

Ինչ կը վերաբերի Քարագլուխ բարձունքին, նախկին գիւղապետը նշեց․ «Քարագլխում ատրպէյճանական դրօշներ են հիմա տեղադրուած, իմ աչքով եմ տեսել, ասում են բարձունքի վրայ ռուս զինուորականներ էլ կան, բայց ես ատրպէյճանական դրօշներ եմ տեսել այնտեղ, ամէն ինչ այնպէս է, ինչպէս ամիսներ առաջ էր, նոր բան չկայ»: