image

Ոչ եւս է Մատլէն Գրաճեան-Գալեմքէրեան

Ոչ եւս է Մատլէն Գրաճեան-Գալեմքէրեան

Օրերս  Երեւանի մէջ կեանքէն հեռացած է հալէպահայ տիկ. Մատլէն Գրաճեան Գալեմքէրեան, այրին  հանգուցեալ՝Արշակ Գալեմքէրեանի: 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Հանգուցեալ  տիկինը Սուրիոյ պատերազմէն ետք իր դստեր ընտանիքին հետ բնակութիւն հաստատած էր Երեւան:

 Գուրգուրոտ մայր ու մեծ մայր էր մէկ դուստրի ու երկու թոռռնուհիներու:

Ապրած էր իր կեանքի 80 տարիները միշտ հաւատքով եւ շրջապատի սէրն ու յարգանքը վայելելով:

 Յաղթահարած էր առողջական դժուար վիճակներ, սակայն վերջին շրջանին կարճատեւ հիւանդութիւնը  պատճառ դարձաւ  անոր մահուան։

Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Երեւանի  Մալաթիոյ շրջանի  Սուրբ Աստուածածին   եկեղեցւոյ մէջ ի ներկայութիւն   ընտանեկան  պարագաներու եւ զինք սիրող ու յարգող   ծանօթներու մեծ շրջանակի մը։