image

Դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան մեծ ալիք կը սպասուի. Գործարար Կարպիս Թիթիզեանէն դրական դիտարկում

Դէպի Հայաստան զբօսաշրջութեան մեծ ալիք կը սպասուի. Գործարար Կարպիս Թիթիզեանէն դրական դիտարկում

 Ամերիկահայ յայտնի գործարար եւ երկար տարիներ Լոս Անճելըս-Երեւան օդային կապ հաստատող Levon Travel կազմակերպութեան սեփականատէր՝ Կարպիս Թիթիզեան օրերս դրական շեշտով գրառում մը կատարած է իր դիմատետրի էջին։

 Ան մասնաւորապէս իր բարեկամներուն եւ դէպի Երեւան ճամբորդութեան պատրաստուող հանրութեան յիշեցուցած է, որ իր գլխաւորած Levon Travel ունի 40 տարուան փորձառութիւն։

Թիթիզեան նաեւ նշած է կազմակերպութեան հասցէներն ու հեռախօսահամարները5 յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ ամառնային եղանակը դրականօրէն «թէժ» պիտի ըլլայ եւ հազարաւոր հայորդիներ անգամ մը եւս հայրենիք՝ Հայաստան պիտի այցելեն։

Հայաստանի գործարար շրջանակներէն ստանալով մեր տեղեկութիւնները, նշենք, որ այս տարուան ամառնային արձակուրդներուն ընթացքին դէպի Երեւան հասնող զբօսաշրջիկներու թիւը պիտի հասնի 300.000 -ի։

 

Ստորեւ Կարպիս Թիթիզեանի գրառումը՝