Դամասկոսը ցնցած պայթումին հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է 8-ի։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդած է «Ալ Մարսատ ալ սուրի» կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ զոհուածներուն մեծ մասը Սուրիոյ քաղաքացիներ են, ու անոնց մէջ կան իրաքցիներ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ պայթումը եղած է Դամասկոսի «Սըթ զայնապ» թաղամասին մէջ, որ կը համարուի Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան կարեւորագոյն կէտերէն մին։