image

Ցնցուած եմ. Փաշինեանը ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի ողբերգական դէպքի առթիւ

Ցնցուած եմ. Փաշինեանը ցաւակցական հեռագիր յղած է Իրանի ողբերգական դէպքի առթիւ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Նորին Վսեմութիւն Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Սեյիտ Ալի Խամէնէիին՝ ուղղաթիռի վթարի հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի եւ անոր ուղեկցող անձնակազմի զոհուելու կապակցութեամբ:

«Ցնցուած եմ ուղղաթիռի վթարի հետեւանքով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահի եւ նրան ուղեկցող անձնակազմի զոհուելու բօթից։ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովրդի անունից անկեղծ ցաւակցութեան ու մխիթարութեան խօսքեր եմ յղում իմ թանկագին բարեկամ եւ գործընկեր նախագահ Սեյեդ Իբրահիմ Ռայիսիի, արտաքին գործերի նախարար Հոսեյն Ամիր Աբդոլլահիանի եւ նրանց ուղեկցող անձանց ողբերգական մահուան կապակցութեամբ»,–ըսուած է ցաւակցական ուղերձին մէջ։

Փաշինեանը զօրակցութիւն յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին՝ մաղթելով ուժ եւ տոկոնութիւն։

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ժողովուրդը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար դժուարին այս ժամանակահատուածում նեցուկ են մեր լաւ բարեկամ եւ հարեւան պետութեանն ու ժողովրդին»,–ընդգծած է Փաշինեանը։