image

Չկրկնել Սատտամ Հիւսէյնի սխալները. Իրանցի զօրավարը՝ Պաքուին

Չկրկնել Սատտամ Հիւսէյնի սխալները. Իրանցի զօրավարը՝  Պաքուին

Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան  պահակագունդի անդամ, զօրավար Ալիրըզա Թանհոյը զօրավար Քասեմ Սուլէյմանիի յիշատակին նուիրուած իր ելոյթին մէջ զգուշացուցած է Պաքուն՝ չկրկնել Իրաքի նախկին նախագահ Սատամ Հուսէյնի սխալները, հաղորդած է «Ահրարկիլ» վերլուծական նորութիւններու կեդրոնը:

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը պէտք է դասեր քաղէ Ուքրանիոյ իրադրութենէն եւ «տեսնէ, թէ ինչ ըրած են ամերիկացիներն ու եւրոպացիները Ուքրանիոյ ժողովուրդի հետ, եւ աւելի լաւ կ'ըլլայ, որ չկրկնէ Սատամի սխալը»։ 

«Սատամը յարձակեցաւ Իրանի վրայ, երբ ամբողջ Իրանի մէջ կը գործէին տասնեակ անջատողական, խռովարար եւ ահաբեկչական խմբաւորումներ, եւ Սատամը կը կարծէր, որ եթէ յարձակի Խուզեստանի վրայ, ապա միայն այդ նահանգի ժողովուրդի կողքին կ'ըլլայ»,-զօրավարի խօսքը մէջբերած է իրանեան լրատուամիջոցը։

«Որեւէ երկիր, որ կ'ուզէ ներխուժել Իրանի տարածք, լաւ կ'ըլլայ, որ չսխալի իր հաշուարկներուն մէջ։ Իրանը միասնական երկիր է, որ բաղկացած է տարբեր համոզմունքներով տարբեր էթնիք խումբերէ»,-ըսած է զօրավարը։