ՀՀ Վերաքննիչ քրէական դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Արմէն Դանիէլեանի, հասարակական-քաղաքական գործիչ Աւետիք Չալապեանը կալանքէն ազատելու մասին փաստաբաններու բողոքը մերժեց:
Նշենք, որ փաստաբանները համաձայն չեն այն հիմքերուն հետ, ըստ որոնց Չալապեանը կալանաւորուած է: Ըստ փաստաբաններուն` առանց ապացոյցի եւ քրէադատավարական ընթացակարգերու կոպտագոյն խախտումներով անոր մեղադրանք առաջադրուած է: Փաստաբաններու կարծիքով` Չալապեանը կ'ենթարկուի քաղաքական հետապնդման: