image

«Բոլորիս յայտնի է, որ իրավիճակը լարուած է». Սիւնիքի մարզպետ (Տեսանիւթ)

«Բոլորիս յայտնի է, որ իրավիճակը լարուած է». Սիւնիքի մարզպետ (Տեսանիւթ)

Ունինք լարուածութիւն, առաջնագծի երկայնքով լարուածութիւնը կը պահպանուի, մարզը կ'ապրի բնականոն կեանքով` բացառութեամբ Ներքին Հանդի: Այս մասին 25 դեկտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը:

«Մարզն ապրում է բնականոն կեանքով, իսկ այնպէս, բնականաբար, բոլորիս էլ յայտնի է, որ իրավիճակը լարուած է: Ներքին Հանդում, բոլորիս է յայտնի է, որ կայ ատրպէյճանական կողմի ներխուժում եւ ատրպէյճանցիները պէտք է իրենց զօրքը ետ քաշեն տարածքից: (Մարդոց կեանքի վրայ ինչքանով ազդելու վերաբերեալ) Կոնկրետ թուեր կը դժուարանամ նշել, բայց մարդկանց բնականոն կեանքի վրայ մեծ ազդեցութիւն է ունենում, որովհետեւ մօտեցել են բնակավայրին, ինչը անթոյլատրելի է»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով Սիւնիքի մէջ գտնուող արցախցիներուն` մարզպետը նշած է, որ չկայ գէթ մէկ արցախցի որուն կեցութեան, սնունդի  եւ այլ հարցերը լուծուած չեն:

Մարզպետը նշած է, որ այս պահուն ալ շուրջ 25 միլիոն դրամի ծրագիր կ'իրականացնեն Ներքին Հանդի մէջ մարդոց վնասները փոխհատուցելու համար:

Մանրամասները` տեսանիւթին մէջ: