Պաղեստինեան «Համաս» շարժման ներկայացուցիչներն այսպէս թէ այնպէս պիտի մասնակցին Կազայի հատուածէն պատանդները ազատ արձակելու եւ այնտեղ հրադադարի շուրջ համաձայնութեան գալու բանակցութիւններուն։
Այս մասին լրագրողներուն համար հերթական ճեպազրոյցին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Վետանթ Փաթել, հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Դուք լսած էք, որ ես այս շաբաթ բազմիցս ըսած, որ մեր գործընկերները մեզի հաւաստիացուցած են, որ «Համաս» ներկայացուած պիտի ըլլայ որեւէ ձեւով Տոհայի բանակցութիւններուն:
Եւ անոնք, անշուշտ, ներգրաւուած պիտի ըլլան ընթացող բանակցութիւններուն մէջ, ինչ որ, հաւանաբար, անհրաժեշտ է, երբ կը խօսինք երկու կողմերու միջեւ բանակցութիւններու մասին։
Ուստի մենք կասկած չունինք, որ ներկայ ձեւաչափը կրնայ ծառայել այն նպատակին, որու համար այն նախատեսուած է», - ըսած է դիւանագէտը: