image

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տեղաշարժի մասին կարելի է խօսիլ, միայն ընտրութիւններէն ետք. Գագիկ Համբարեան

Հայ-ամերիկեան   յարաբերութիւններուն մէջ տեղաշարժի մասին կարելի է խօսիլ, միայն  ընտրութիւններէն ետք. Գագիկ Համբարեան

907-րդ բանաձեւի չեղարկումը մէկ բան կաւելցնէ՝ սպառազինութեան մրցավազքի ալ աւելի սաստկացում. Գագիկ Համբարեան

Հարցազրոյց քաղաքագէտ Գագիկ Համբարեանի հետ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու թեմայով՝ ԱՄՆ նախագահի՝ Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի Հայաստան կատարած   այցի  ծիրէն  ներս Պոլթըն    անդրադարձած է  Ազատութեան աջակցութեան մասին  թիւ  907-րդ փոփոխութեան չեղարկման հնարաւորութեան: Յիշեցնենք ,որ 907-րդ բանաձեւը Քոնկրեսի կողմէ ընդունուած է 1992-ին ու ամերիկեան վարչակազմին կ'արգելուի պետական մակարդակով օգնութիւն տրամադրել Պաքուին՝ հաշուի առնելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութիւնը:  

-Ինչպէս կը գնահատէք հայ-ամերիկեան յարաբեբերութիւնները Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք:

-ԱՄՆ-ի համար հարցը ոչ թէ իշխանափոխութիւնն է, այլ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ազդակն  է: Որքան ալ Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունենայ, ամերիկացիներու համար այդ միեւնոյնն է, եթէ չի փոխուիր արտաքին քաղաքականութիւնը: ԱՄՆ-ն կ'առաջնորդուի իր ազգային շահերով եւ ՀՀ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, երբ հարցադրում դրուեցաւ, թէ ինչ պիտի փոխուի արտաքին քաղաքականութեան մէջ՝ պարզուեցաւ ոչ մէկ բան: Այստեղէն հետեւութիւն, որ աւելորդ է  մեծ  փոփոխութիւններ սպասել: ԱՄՆ-ն  մէկ ծրագիր ունի՝ Ռուսաստանին դուրս բերել անոր համար կարեւորագոյն տարածաշրջանէն:

-Այս համատեքստում, որոնք էին ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի  այցի ազդակները:

-Պոլթընի այցը ունէր երեք նպատակ, երեքն ալ ճշգրտելու հետ կապուած էր: Առաջինը՝ թէ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը ինչպէս կը պատկերացնէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները եւ ատոր կից ՝  հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Երկրորդ՝ ԱՄՆ ունի  ծրագիր Իրանի վերաբերեալ եւ այստեղ Պոլթըն Հայաստանի իշխանութենէն կը փորձէ ճշդել, թէ ինչպիսի վարքագիծ  պիտի դրսեւորէ Երեւանը, եթէ ԱՄՆ-ն քայլեր  ձեռնարկէ Իրանի դէմ եւ երրորդը՝  ԱՄՆ կ'ուզր ճշգրտել, թէ ՀՀ իշխանութիւնները ինչ տեսլական ունին Արցախեան հիմնախնդրի վերաբերեալ:

-Պոլթըն յայտարարեց, որ դեռ որոշում չէ կայացուած ԱՄՆ-ի Ազատութեան աջակցութեան մասին աքթի  907-րդ փոփոխութեան չեղարկման վերաբերեալ եւ ինչ կ'ակնարկէր, երբ կ'ըսէր,  ամերիկեան զէնքերը աւելի լաւ են, քան ռուսականները: Այսինքն, ըստ ձեզ, նպատակը  չեղարկելով այս աքթը ազատօրէն զէնք վաճառելն է Ատրպէյճանին, թէ՞ պարզապէս ազդակ էր, որ Ռուսաստանը զէնք վաճառելով երկու կողմերուն ալ՝ չի նպաստէր հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:

-Երկու միտումն ալ կայ, նախ Պոլթըն նշեց, որ այդ աքթը միտուած եղած է խաղաղութիւն ապահովելուն եւ նշեց, որ այդ «սթաթուս քո»ն կը խախտէ Ռուսաստանը, որ կը զինէ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը: Պոլթըն կը գտնէ, որ եթէ Մոսկուան իրեն թոյլ կու տայ զէնք վաճառել, ապա ինչը կը խանգարէ ԱՄՆ-ին,որ նոյնը  ընէ։ Այդ կերպ  Պոլթըն  կ՚ակնարկէր,  որ կամ պէտք է դադրեցուի զէնքի վաճառքը հակամարտող երկու կողմերուն ալ, կամ ԱՄՆ-ն թոյլ կու տայ իրեն չեղարկելու այդ աքթը եւ զինել Ատրպէյճանը,  Երեւանի  մէջ   ինքնաբերաբար գովազդելով  ամերիկեան զինատսակները:

-Այս պարագային ի՞նչ դերի մէջ կը յայտնուի Հայաստանը, ի՞նչ վտանգներ կը տեսնէք, եթէ ԱՄՆ-ն ազատօրէն զէնք վաճառէ երկու կողմրուն ալ՝ հաշուի առնելով պիւտճէի հնարաւորութիւնները:

-Մենք առանց ամերիկեան զէնքի վաճառքին ալ վտանգաւոր վիճակի մէջ ենք, իսկ Ատրպէյճանը աւելի մեծ գումարներ կը ծախսէ զէնք գնելու համար. միայն յաջորդ տարուան համար Ատրպէյճանի ռազմական պիւտճէն երեք միլիառ երեք հարիւր միլիոն տոլար նախատեսուած է: Բաւական երկար ժամանակ է, որ ռազմական վաճառքի «սթաթուս քո»ն արցախեան հակամարտութեան գօտիին  մէջ խախտուած է: Վերջին եօթ-ութ տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանը ահռելի զէնք գնած է  ոչ միայն ՌԴ-էն, այլ Իսրայէլէն, Փաքիստանէն, Հարաւային Քորէայէն, որոնցմէ շատերը գործածուեցան 2016 ապրիլեան պատերազմին ընթացքին: Հիմա այդ աքթի չեղարկումը մէկ բան կ'աւելցնէ՝ սպառազինութեան մրցավազքի ալ  աւելի սաստկացում: Բացի այդ, հայկական կողմը կը գտնուի ՌԴ-ի ճնշման տակ, կը պատկերացնեմ, թէ Մոսկուան ինչպիսի հակաարձագանգներով հանդէս պիտի գայ, եթէ Երեւանը փորձ կատարէ զէնք գնելու ԱՄՆ-էն:

-Արցախեան հակամարտութեան մէջ ԱՄՆ դերակատարութեան առումով ի՞նչ զարգացումներ կը տեսնէհ՝ հաշուի առնելով ԱՄՆԱտրպէյճան յարաբերութիւնները:

-Ցաւօք վերջին տարիներուն ՀՀ  «բասիվ»  եւ պահպանողական քաղաքականութեան   ձախողումէն ետք ԱՄՆ-ն սկսաւ ամուր դիրքեր ունեցող գործընկեր փնտռել Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ այդ գործընկերը բռնատիրական Ատրպէյճանն էր եւ ԱՄՆ-ն սերտ կապեր հաստատեց անոր հետ: Պոլթընի այցէն առաջ  Երեւանի մօտ ԱՄՆ հեռացող դեպսան Ռիչարտ Միլսի՝ «գրաւեալ տարածքի» վերադարձի մասին յայտարարութեան յաջորդեց Պոլթընի յայտարրութիւնները, որոնք գրեթէ նոյնն էին, ըստ որու՝ Հայաստանը պէտք է ցաւոտ որոշումներ ընդունի: Խնդիրը այն է, թէ ՀՀ իշխանութիւնները՝ ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանի պատրաստ են երթալու այդ ցաւոտ հարցերու լուծման: Պոլթըն Երեւան բերաւ պաշտօնական Ուաշինկթընի եւ Թրամբի վարչակարգի  ծրագիրը, որու համաձայն՝ արցախեան հիմնահարցի լուծման տարբերակը ԱՄՆ-ի մէջ չէ փոխուած եւ հետեւեալն է. Արցախը պէտք  է տարածքային զիջումերու երթայ եւ խնդիրը պէտք է՝ կարգավիճակի դիմաց տարածքներ բանաձեւով լուծուի: Վերջին տարիներուն  ընթացքին, երբ Ատրպէյճանը ուղղակիօրէն նաւթակազային տոլարներ ծախսեց սպառազինութիւններու մրցավազք կազմակերպելու համար։ Պաքուի դիրքորոշումը եւ սեփական հասարակութեան փոխզիջումներու նախապատրաստելը ձախողեցաւ, Ալիեւը հիմա կ'առաջնորդուի կամ ամէն ինչ կամ ոչինչ կարգախօսով:

-Բայց ԱՄՆ-Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ եւս հակասութիւններ կան, անոնք   կրնան ի նպաստ մեզի ըլլալ։  

-ԱՄՆ-ն եւ Ատրպէյճանը,որքան ալ մեծ հակասութիւններ ունենան, պէտք չէ մոռնալ, որ ԱՄՆ-ն կը վարէ բազմաշերտ քաղաքականութիւն: Այո, ԱՄՆ-ն որոշ հակասութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ։ ԱՄՆ-ի շահերը Ատրպէյճանի մէջ ամոբղջութեամբ ընդունելի  են  Պաքուի համար, իսկ ԱՄՆ-ն ուղղակի թքած ունի , թէ ժողովրդավարական աժէքները ինչ ցած վիճակի մէջ կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ:Եթէ Ատրպէյճանը համաձայնեցաւ երթալ այն նոյն ողիով, որուն  մասին  կ՚ակնարկէ Ուաշինկթընը, ապա ԱՄՆ կրնայ շատ արագ  ձեւով մոռացութեան   տալ  բոլոր տեսակի  արժէքներու   խնդիրը։

-Ամէն պարագայի ի՞նչ   սպասենք հիմա, ի՞նչ զարգացումներ կրնանք ակնկալել ԱՄՆ- ՀՀ յարաբերութիւններուն մէջ:

-Դրական առումով     սպասելիքներ կրնանք ունենալ ՀՀ-ի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, երբ Ուաշինկթըն համոզուի, որ ներկայիս վարչակարգը աւելի ամուր դիրքեր պիտի ունենայ եւ   պիտի  անցնի փոփոխութիւններու, այդ ժամանակ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու առումով կրնանք քայլերու սպասել :