ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան խումբ մը երիտասարդներու անհամաչափ ուժի կիրառմամբ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է բողոքի շաժման ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկանցնէ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը:
ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութենէն ալ կը յայտնեն, որ Դաշնակցութեան երիտասարդականի 5 անդամներ իրազեկման խաղաղ շարժում իրականացնելու համար բերման ենթարկուած են Ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին:
Երեւանի` Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ դաշնակցական երիտասարդները փողոց փակած էին` վանկարկելով «առանց Նիկոլ Հայաստան», «առանց թուրքի Հայաստան», «միացում, պայքար, յաղթանակ»: