image

Բերձորի ճանապարհը բանալու բանալիներէն մին կը գտնուի Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը. Իշխան Սաղաթէլեան

Բերձորի ճանապարհը բանալու բանալիներէն մին կը գտնուի  Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքը. Իշխան Սաղաթէլեան

Ակնյայտ է, որ Բերձորի ճանապարհը փակուած է, եւ  ճանապարհը փակողներէն մէկը եղած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեան իր այդ յայտարարութեամբ։

Ազատութեան հրապարակին վրայ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան՝ ի նկատի ունենալով Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման մասին յայտարարութիւնները։

«Բերձորի ճանապարհը բացելու բանալիներից մէկը գտնւում է Նիկոլ Փաշինեանի ձեռքում։ Իրավիճակում բեկում մտցնելու համար անհրաժեշտ է, որ Փաշինեանը հրաժարուի իր այդ ոչ լեգիտիմ (օրինական), ապօրինի,  ազգադաւ յայտարարութիւնից»,- նշած է Սաղաթէլեան։

Ան աւելցուցած է, որ Փաշինեան չ'արտայայտեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը, անոր հենքը ոչ թէ ժողովուրդն է, այլ ուժային կառոյցները։