image
Հրատապ լուրեր:

ԲԴԽ-ն դադրեցուց Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննած դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի լիազօրութիւնները

ԲԴԽ-ն դադրեցուց Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննած դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի լիազօրութիւնները

Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննած դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի լիազօրութիւնները դադրեցուած են: Որոշումը հրապարակած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդը:

Բարձրագոյն դատական խորհուրդին միջնորդութիւնը ներկայացուցած էր Արդարադատութեան նախարարութիւնը՝ պահանջելով կարգապահական պատասխանատւութեան ենթարկել Աննա Դանիբեկեանը:

Նախարարութեան գնահատմամբ՝ Դանիբեկեան կոպիտ անփութութեամբ խախտած է դատաւորի վարքագիծի կանոնները, որու հետեւանքով ամբաստանեալները, այդ շարքին՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, ազատած են պատասխանատւութենէ՝ յանցանքի վաղեմութեան ժամկէտներն անցնելու հիմքով: