ֆրանսական Arquus ընկերութեան արտադրած Bastion տիպի 24 զրահամեքենայ կ՚առաքուի Հայաստան, եւս 26-ը յետոյ կ՚առաքուի, ներկայիս ատոնք արտադրման փուլի մէջ են. «Ազատութեան» հաղորդմամբ՝ նշուած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Պիւտճէի պաշտպանութեան բաժնին մէջ։
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ ըսուած է, որ Հայաստանը վերջերս GM 200 ռատիոտեղորոշիչ կայաններ ձեռք բերելու պատուէր ստորագրած է եւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան MISTRAL 3 հրթիռային համակարգերու մատակարարման շուրջ։
«Փարիզը նախաձեռնած է պաշտպանական զինատեսակներ մատակարարել Հայաստան։ Մենք պէտք է արագ արձագանգենք Հայաստանի իշխանութիւններու բոլոր խնդրանքներուն, մասնաւորապէս՝ հրետանիի անհրաժեշտութեան վերաբերեալ», -նշած են զեկուցողները նաեւ խորհուրդ տալով «հնարաւորինս շուտ ուսումնասիրել CAESAR հրետանային համակարգերու մատակարարումը՝ հաշուի առնելով ատոնց արդիւնաւէտութիւնը»։
Առաւել մանրամասն`սկզբնաղբիւր կայքին մէջ։