image

Բանաստեղծ Վարուժան Պարըշի երկրորդ ժողովածոն

Բանաստեղծ Վարուժան Պարըշի երկրորդ ժողովածոն

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է «Սերմ մը ամպերուն մէջ» բանաստեղծութիւններու ժողովածոն, որու հեղինակն է Վարուժան Պարըշ։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ  Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝

«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայ տարեմուտին հայերէն բանաստեղծութիւններու նոր գիրք մը դրած է հայ գրականութեան համակիրներու տրամադրութեան տակ։ Այսպէս, հրատարակչատունը լոյս ընծայած է «Սերմ մը ամպերուն մէջ» բանաստեղծութիւններու ժողովածոն, որու հեղինակն է Վարուժան Պարըշ։ Գիրքը լոյս տեսած է Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան մեկենասութեամբ։

Հարկ է նշել, որ սա Վարուժան Պարըշի արդէն երկրորդ գիրքն է, որ հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ։ Այս վերջինը խմբագրած էր նաեւ հեղինակին առաջին գիրքը, որ կը կոչուէր «Լռութեան աչքերը կ՚արիւնին»՝ հրատարակուած Երեւանի մէջ, 2009 թուականին։

Գիրքի կողքի ձեւաւորումն ու էջադրութիւնը կատարուած է «Արաս»ի անձնակազմէն Մելիսա Արսէնեանի կողմէ։