image

Բագրատ սրբազանը քաղաքական ուժերուն կոչ ըրաւ գործողութիւններով ցոյց տալու իրենց համերաշխութիւնը

Բագրատ սրբազանը քաղաքական ուժերուն կոչ ըրաւ գործողութիւններով ցոյց տալու իրենց  համերաշխութիւնը

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» բողոքի շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանը կոչ ըրած է շարժման սատարող քաղաքական ուժերուն յստակ գործողութիւններով ցոյց տալու իրենց համերաշխութիւնը։ Այս մասին ան յայտարարած է ՀՀ քննչական կոմիտէի մօտ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցի ժամանակ։

Սրբազանը նշած է, որ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները կրնան ճանապարհներ փակել, տարբեր ձեւերով արձագանգել ոստիկանութեան գործողութիւններուն եւ ապօրինութիւններուն, ցուցարարներու ձայնը ներկայացնել միջազգային կառոյցներուն:

«Ես ուզում եմ, որ ԱԳՆ–ի մօտ տեղի ունեցած միջադէպից յետոյ բոլորն աւելի ակտիւ լինեն»,–ըսած է ան:

Շարժման առաջնորդը յայտարարած է, որ կը քննարկուին բոլոր հնարաւոր տարբերակները, որոնք կրնան յանգեցնել իշխանափոխութեան:

Հարցին, թէ արդեօք կը դիտարկուի ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւններու պատգամաւորներու մանտաթները վար դնելու հարցը, Գալստանեանը կրկին նշած է` բոլոր տարբերակները կը դիտարկուին:

Որոշ ժամանակ անց, «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ սրբազանի գլխաւորութեամբ քաղաքացիները հեռացած են ՀՀ քննչական կոմիտէի շէնքի մօտէն։

Սրբազանը կոչ ըրած է բոլորին երթալու իրենց նախանշած ուղղութեամբ, սակայն չէ յստակեցուցած, թէ ուր։

«Շարժուեցինք, իմաստ չունի այլեւս։ Մեր ասելիքներն ասել ենք, մինչեւ վերջ հետամուտ ենք լինելու մեր պահանջների կատարմանը»,– նշած է շարժման առաջնորդը։

Մինչ շէնքի մօտէն հեռանալը, Բագրատ սրբազանը Քննչական Կոմիտէին կոչ ըրած է քրէական վարոյթներ նախաձեռնել այն ոստիկաններու նկատմամբ, որոնք բռնի ուժ կիրառած են ցոյցի մասնակիցներու նկատմամբ։

«Պէտք է քրէական վարոյթներ նախաձեռնել բոլոր այն խուլիգանների նկատմամբ, որոնք 10 հոգով ծեծել են Արման Սարգսեանին, Աշոտ Սիմոնեանին, Կարէն Գրիգորեանին, Արսէն Գրիգորեանին, ոսկեպարցի Արէնին, Դանիէլ սարկաւագին, Հրայր սարկաւագին եւ միւսներին»,– նշած է սրբազանը։

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը յայտնած է, որ ժամը 19:00-ին Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի պիտի ունենայ օրուան ամփոփումը: