image

Բացի Սրբազանէն վարչապետի պաշտօնին այլ անունի քննարկումը պիտի բերէ ակնյայտ քաղաքական տարաձայնութիւններու․ Մեսրոպ Առաքելեան

Բացի Սրբազանէն վարչապետի պաշտօնին այլ անունի քննարկումը պիտի բերէ ակնյայտ քաղաքական տարաձայնութիւններու․ Մեսրոպ Առաքելեան

Սրբազանի առաջնորդութիւնը առնուազն այս փուլին կը համարենք համախմբման ուղղուած միակ հնարաւորութիւնը, որովհետեւ վարչապետի այլ թեկնածուի քննարկումն ակնյայտ քաղաքական խիստ տարաձայնութիւններ պիտի առաջացնէ։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մեսրոպ Առաքելեան` անդրադառնալով այն հարցին, թէ որու կը տեսնեն որպէս վարչապետի թեկնածու։

Անոր խօսքով՝ մինչեւ այսօր ընդդիմութեան տարբեր թեւերը ունին ե՛ւ առարկայական, ե՛ւ ենթակայական տարաձայնութիւններ, ինչ որ բնական է, որովհետեւ բազմաթիւ ուժեր քաղաքական տարբեր գործունէութեամբ զբաղած են։ Ան նշած է, որ յատկանշանական է, որ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութիւնը կարողացաւ այդ հակասութիւնները դնել մէկ կողմ։

«Իր ազդեցութեան ուժն աւելին է, քան այդ հակազդեցութիւնները, ընդ որում, ոչ միայն քաղաքական դաշտում, որովհետեւ քաղաքական դաշտում առկայ հակասութիւնները տեղափոխւում են նաեւ հանրութեան մէջ․ կենցաղային մակարդակում կամ ընտանիքներում մարդիկ ունեն լուրջ քաղաքական հակասութիւններ եւ Սրբազանի առաջնորդութիւնն առնուազն մեզ համար նկատելի է, որ նա այդ տարաձայնութիւնները դրել է մի կողմ։ Սա շատ կարեւոր ենք համարում եւ յուսով ենք, որ այդ տարաձայնութիւնները կը լինեն բացառապէս քաղաքական դաշտում։

Այս պայքարը Սրբազանի առաջնորդութեամբ առնուազն մինչեւ այս պահը դրական եմ գնահատում եւ այն մթնոլորտը, որն ամէն օր ձեւաւորւում է, մեծ է հաւանականութիւնը, որ առաջիկայում յաջողութիւն կ'արձանագրի»,- ըսած է Առաքելեան։

Առաքելեան նշած է, որ իրենք առաջին օրուընէ արձանագրած են, որ Բագրատ Սրբազանի առաջնորդութիւնը պէտք է ոչ միայն ընկալուի որպէս հանրահաւաքի կամ որոշակի փողոցային քաղաքական գործընթացի առաջնորդութիւն, այլեւ քաղաքական առաջնորդութիւն։

«Սրբազանի առաջնորդութիւնն առնուազն այս փուլում համարում ենք համախմբմանն ուղղուած միակ հնարաւորութիւնը, որովհետեւ վարչապետի այլ թեկնածուի քննարկումը ակնյայտ քաղաքական խիստ տարաձայնութիւնների է բերելու եւ փլուզուելու է այս համակարգը։ Դրանից յետոյ, ի հարկէ, հնարաւոր ընտրութիւնների միջոցով իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ինքն է դրսեւորելու իրեն եւ ունենալու իր մասնաբաժինը քաղաքական դաշտում»,- ըսած է ան: