Ազգային ժողովը փետրուար 12-ի նիստին առաջին, երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ ընդունած է շարք մը նախագիծեր:
Առաջին ընթերցմամբ ընդունուած նախագիծերու շարքին է «Եւրոպական միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» նախագիծը: Այն ԱԺ-ի մէջ ներկայացուցած է նախագիծի նախաձեռնող խումբի անդամ Արտակ Զէյնալեանը: Նախաձեռնող խումբը 1 ամսուան մէջ հաւաքած էր աւելի քան 60 հազար քաղաքացիի ստորագրութիւն, ըստ այդմ՝ Կառավարութիւնը հաստատած էր համապատասխան որոշման նախագիծը, որը քննարկման ներկայացուած էր ԱԺ-ի մէջ:
ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի օրինագիծն ընդունուած է 64 կողմ, 7 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Օրէնքի նախագիծին մէջ նշուած է՝ ՀՀ-ն, արտայայտելով ժողովուրդի կամքը, խնդիր դնելով Հայաստանը դարձնել անվտանգ, ապահով, զարգացած, բարեկեցիկ երկիր, յայտարարած է ԵՄ-ին ՀՀ-ի անդամակցելու գործընթացի մեկնարկը:
«Հայաստան» խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան: «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը յայտարարած է, որ կողմ պիտի քուէարկէ նախագիծին, «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ դէմ պիտի քուէարկէ: