image

«Ուրախութիւնը Տալով Կը Շատնայ». Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

«Ուրախութիւնը Տալով Կը Շատնայ». Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան

Օրերս,  Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինին կողմէ, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած է աւանդական դարձած Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթ-տօնավաճառը, Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած էր՝

Տասը հազարական տոլար՝ Դպրեվանքին, Լիբանանի թեմի Միացեալ Ազգային Վարժարանին եւ Բերիոյ թեմի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին

Հինգշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի, հիւրընկալութեամբ Տիկին Ատրինէ Տէր Յարութիւնեանի եւ Տիկին Հերմինէ Տէր Յարութիւնեանի, Կլենտէյլի «Անոյշ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանի աւանդական տօնավաճառ-ճաշկերոյթը, որուն ներկայ եղան Արժ. Տ. Արտակ Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեան, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգ. վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, հիւրընկալ հայուհիներու ընտանեկան պարագաներ, Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն քաջալեր հանդիսացող կամաւոր նուիրեալներ, բարերարներ եւ հիւրեր, թիւով մօտաւորապէս 200 հոգի:

Կազմակերպիչ Մարմինի անունով բացման խօսքը կատարեց Տիկին Մարալ Գըլըճեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, Քահանայ հայրերուն, Ազգ. վարչութեան, հիւրընկալներուն, հին եւ նոր բարերարներուն եւ բոլոր ներկաներուն՝ նշելով, որ Տիկնանց Օժանդակ մարմինի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան ամէնամեայ տօնավաճառ-ճաշկերոյթին ցուցաբերուած այս հոգածութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ, կը խթանէ մարմինի անդամները, որ ամէն տարի իրենք զիրենք գերազանցեն, ապա ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը 7 Դեկտեմբեր 1988-ին Հայաստանը հարուածած  երկրաշարժի զոհերուն: 

Այնուհետեւ ներկաները երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Քահանայ հայրերու ստեղծած աղօթական մթնոլորտին, ուշի ուշով ականջ դրին Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի առաջնորդական պատգամին, որուն միտք բանին նիւթեղէն եւ աննիւթեղէն լոյսն էր: Առաջինին աղբիւրը արեւն է, ըսաւ ան եւ բացատրեց, որ արեւին շողերը աշխարհի ու մարդոց վրայ կը ցաթին երկինքէն՝ լուսաւորելու համար իրերը, մինչ աննիւթեղէնը՝ հոգեւորն ու աստուածայինը, որ Յիսուս Քրիստոսն է, Աստուծոյ կողմէ մեզի ձրի տրուած այն լոյսն է, որ մեր կեանքերը կը լուսաւորէ եւ մեզ դէպի կատարելութիւն կ՛առաջնորդէ: Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը խրախուսեց ներկաները՝ Երկինքի օրինակով նուիրելու առատօրէն, «որպէսզի մեր կեանքի բոլոր օրերը ըլլան ուրախ, լուսաւոր ու պայծառ», շեշտեց ան: 

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքի խօսք ուղղեց օրուան հիւրընկալ տիկիններուն, սրահը գեղեցկօրէն զարդարած եւ բծախնդիր աշխատանք տարած Տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն եւ բոլոր այն կամաւոր ձեռքերուն, որոնք սիրայօժար կը նպաստեն Ազգ. Առաջնորդարանի տեսակ-տեսակ ծրագիրներու յաջողութեան:   

Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, Տիկնանց Օժանդակ մարմինի տօնավաճառ-ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի երկրորդական կարգի խումբ մը աշակերտներ, որոնք Ս. Ծննդեան երգերով եւ տօնական տարազներով սեղան առ սեղան շրջեցան, իրենց հետ պտոյտի հանելով նաեւ Նոր տարին խորհրդանշող Կաղանդ Պապան, որ յատուկ ջերմութեամբ լեցուց սրահը, մինչ աշակերտներուն հնչեցուցած երգերը Ս. Ծննդեան խորհուրդով ներշնչեցին ներկաները՝ պահը վերածելով հայ հոգեւոր երգի պանծացման առիթի, ղեկավարութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Տիկին Լուսինէ Մելիքսէթեանի:  

Ճաշկերոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ երիտասարդ երգիչ Վարանդն ու ջութակահար Մերուժան Մարգարեան, ստեղծելով խանդավառութեան նոր ալիքներ: Խրախուսուած տօնական հաճելի մթնոլորտէն՝ ներկաները մինչեւ իսկ բազմապատկեցին իրենց գնումները եւ նուիրեցին լիաբուռն: Առաջնորդ Սրբազանի տնօրինումով՝ հանգանակուած գումարէն նաեւ նիւթական զօրակցութիւն կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի կրթական զանազան կառոյցներու: