ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանը ԵՄ գրասենեակի առջեւ արշաւ իրականացուցած է: Ան իր դիմատետրեան էջին տեսանիւթ հրապարակած է, որով տեղեկացուցած է իր «լուռ եւ միայնակ» արշաւի մասին՝ «Երեւանում եւ Բաքւում պահուող հայ պատանդների, ռազմագերիների եւ քաղաքական բանտարկեալների ազատութեան» համար:
«Ինչու՞ ԵՄ դեսպանատան մօտ, որովհետեւ այն արժէքները որոնք քարոզուել եւ ներկայացուել են որպէս ոչ միայն եւրոպական, այլ նաեւ համամարդկային արժէքներ՝ այսօր ոտնահարւում են, անտեսւում են հենց այն կառոյցի կողմից, որ այդ արժէքների ենթադրաբար հիմնական կրողը պէտք է լինէր», -ըսած է ան, աւելցնելով՝ համապատասխան ճնշումներ չեն գործադրուիր պաշտօնական Պրիւքսելէն ո՛չ Պաքուի ռեժիմի, ո՛չ ալ Երեւանի ռեժիմի նկատմամբ, որ քանի մը տասնեակ հայորդիներ օր առաջ վերադառնան իրենց ընտանքներ:
Ան աւելցուցած է, որ անոնք այժմ բանտերուն մէջ յայտնուած են իրենց պայքարի, արժանապատւութեան, ազատութեան համար մղուող գործողութիւններու հետեւանքով:
Աշոտեանը պարզաբանած է, որ պայքարի համար ընտրուած օրը պատահական չէ: Այսօր Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանի ծննդեան օրն է, 65-ամեակը, որ ան պիտի դիմաւորէ իր ընտանիքէն հեռու:
Արշաւը տեւած է 1 ժամ: