image

Այսօր Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնն է

Այսօր Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնն է

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր կը նշէ Տիրոջ մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի վերափոխման տօնը։ 

Տօնը, որ կը համարուի մեր եկեղեցւոյ տաղաւար տօն, որուն ընթացքին կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, կը նշանաւորուի Խաղօղօրհնէքի իմաստալից արարողութեամբ։

Բարօրութեան խորհրդանիշ հանդիսացող խաղօղը մեր ժողովուրդին համար միշտ ալ հանդիսացած է առատ բերքի, խաղաղութեան եւ Քրիստոսի արիւն հանդիսացող գինիի խորհրդանիշ։

Այս տօնը, Ս. Մարիամ Աստուածածնի «ննջման» եւ «երկինք փոխադրուել»ուն յիշատակն է, որ ընդհանրապէս կ՚անուանուի «Աստուածածին», երբեմն ալ՝ «Փոխում»ն կամ «Ննջում»ն անուններու տակ։ Եւ քանի որ Եկեղեցին կ՚ընդունի, թէ Քրիստոս Ի՛նք եկաւ իր Մայրը փոխադրելու երկինք, այս տէրունի տօնին յիշատակութիւնը կը կատարուի՝ «Գալուստ ի փոխումն մօր»ն բացատրութեամբ։ Աստուածածնի նուիրուած տօներուն կարեւորագոյնն է «Վերափոխման» տօնը, քանի որ արդէն ան «տաղաւար» տօներէն մէկն է ընդունուած եւ կը տօնուի որպէս «Տաղաւար Տօն»։

Յիշեցնենք նաեւ, որ այսօրուան խորհուրդին մէջ է Մարիամ անուան անուանակոչութեան տօնը, որուն շնորհիւ ալ մեր ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը կը մատուցէ Սուրբ Մարիամ Աստուածամօր։