image
Հրատապ լուրեր:

Յիշատակի օր. Այսօր Մեռելոցի օրն է

Յիշատակի օր. Այսօր  Մեռելոցի  օրն է

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդող օրերը, հանգուցեալներու յիշատակութեան օր է` Մեռելոց:

Սուրբ Ծննդեան յաջորդող օրը՝ 7 յունուարին, ինչպէս բոլոր տաղաւար տօներուն յաջորդող երկուշաբթիներուն, կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ:

Անկէ ետք մարդիկ կ'այցելեն հարազատներու շիրիմներ՝ տօնի աւետիսը տանելով հանգուցեալներուն, կը խնկարկեն եւ կ'աղօթեն անոնց հոգիներու համար:

6 Յունուարին Հայ Առաքելական եկեղեցին նշած է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը, որ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան եւ մկրտութեան յիշատակումն է: