image

Այսօր առաւօտեան ժամերէն անհնազանդութեան գործողութիւններ Երեւանի մէջ

Այսօր առաւօտեան ժամերէն  անհնազանդութեան գործողութիւններ Երեւանի մէջ

Առաւօտեան ժամը 8:00-էն պիտի սկսինք  անհնազանդութեան գործողութիւնները: Այս մասին Մայիս 15-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայընդդիմութեան երթէն յետոյ յայտարարեց «Դիմադրութիւն» շարժման համակարգող, ԱԺ փոխխօսնակ  Իշխան Սաղաթելեանը: 

«Առաւօտեան ժամը  8:00-ից սկսում ենք տարբեր տեսակի ակցիաներ, տեղի  են ունենալու աւտոերթեր, հաշուի առնելով եղանակային պայմանները հանրահաւաք տեղի չի ունենալու: Իսկ Երեքշաբթի օրը ես համարում եմ շատ կարեւոր օր, այդ օրը առաւօտեան ժամը 8:00-ին ամբողջ մայրաքաղաքում պէտք է տեղի ունենան անհնազանդութեան ակցիաներ, մենք պէտք է ձեւաւորենք 80-100 խմբեր, որոնք պէտք է դուրս գան փողոց, որպէսզի ամբողջ քաղաքը կասեցնենք», ըսաւ ան:

Աւելի ուշ ֆէյսպուքեան գրառմամբ ան տեղեկացուցած է այսօր 8:00-էն մեկնարկող ինքնաշարժով երթերու երթուղիները:

1. Աշտարակի խճուղի` Կարմիր խաչի գրասենեակի դիմաց

2. Արտաշատի խճուղի` Քոնթինենթալի դիմաց

3. Երեւան-Աբովեան մայրուղի` Փարաւոն ճաշարանային համալիրի մօտ

4. Արգաւանդի խճուղի` օդակայան տանող ճանապարհի կազի կայարանին մօտ

5. Արինբերդի խճուղի