image
Հրատապ լուրեր:

Այշաթ Պայմուրատովան կ՚որոնուի որպէս անհետ կորսուած

Այշաթ Պայմուրատովան կ՚որոնուի որպէս անհետ կորսուած

Համայնքային ոստիկանութեան Քանաքեռ-Զէյթունի բաժնի կողմէն որպէս անհետ կորսուած կ'որոնուի Այշաթ Պայմուրատովան: Այս մասին յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութենէն։

Ան 15 հոկտեմբերին դուրս ելած  է Ազատութեան պողոտայի հասցէներէն մէկէն եւ այլեւս չէ վերադարձած։ Հաղորդում ներկայացուած է 17 հոկտեմբերին։

«Նրա գտնուելու վայրի վերաբերեալ տեղեկութիւններ ունեցողներին խնդրում ենք դիմել ոստիկանութեան մօտակայ բաժին կամ զանգահարել 1-02»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։