image

Այնճարցի երիտասարդ Արմէն Ֆէսլեանի կորուստը

Այնճարցի երիտասարդ Արմէն Ֆէսլեանի կորուստը

Օրերս Այնճարի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Այնճարցի երիտասարդ Արմէն Ֆէսլեանը։ 

 Կը նշուի, որ անհանգստութեան հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած Արմէն սիրուած եւ յարգուած է համագիւղացիներուն կողմէ։ Փոքր տարիքէն մասնակից դարձած է համայնքային կեանքին ու վերջին շրջանին ալ ծառայած է գիւղին դառնալով քաղաքապետարանի ոստիկանութեան անդամ։

 Նշենք նաեւ, որ այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Մուսա Լեռ» դիմատետրեան էջէն, ուրկէ ալ կը ներկայացնենք հրապարակուած մահազդը։

 

Տիար Զօհրապ Ֆէսլեան

Տէր եւ Տիկին Բաբգէն եւ Եսթեր Մանճեան եւ դուստրը

Օրդ Յասմիկ Թիւմպէրեան

Ֆէսլեան, Թիւմպէրեան , Մանճեան ընտանիքներ եւ համայն ազգականներ,

Կը գուժեն իրենց Զաւակին, եղբօր եւ հարազատին 

 ԱՐՄԷՆ ՖԷՍԼԵԱՆի (Ծնեալ 1989-ին) 

մահը որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 2 Մայիս 2023-ին, հետ կարճատեւ հիւանդութեան։

Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2023-ին, կ.ե. ժամը 3:00-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։

Թաղման արարողութենէն ետք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաները ցաւակցութիւնները պիտի ընդունին հանգուցեալին բնակարանը։

 Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւններ կատարել Այնճարի «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։