image

Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնեց երկխօսութեան Ստեփանակերտի հետ, յուսամ նահանջ չըլլար․ Արարատ Միրզոյեան

Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնեց երկխօսութեան Ստեփանակերտի հետ, յուսամ նահանջ չըլլար․ Արարատ Միրզոյեան

Ի սկզբանէ, երբ մենք կը նախաձեռնէինք խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսիլ Ատրպէյճանի հետ, պայմանաւորուածութիւն եղաւ այդ բանակցութիւննեը վարել երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման կամ կարճ ըսած՝ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ եւ միւսը՝ այն հարթակի ստեղծման շուրջ, ուր պէտք է քննարուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայութեան անվտանգութիւնը։ Այս մասին Հայաստանի եւ Լիւքսըմպուրկի Արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ ասուլիսին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարարտ Միրզոյեանը։

«Տեւական ժամանակ է՝ մենք տեսնում ենք, որ Ադրբեջանը խուսանաւում է այս խօսակցութեան մէջ ներգրաւուելուց։ Միւնխենում ոչ միայն պանելային քննարկման ընթացքում, այլ նաեւ Բլիքնեն-Ալիեւ–Փաշինեան քննարկումների ընթացքում հայկական կողմը ստացել է Ադրբեջանի պատրաստակամութիւնը, որ Բաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ։ Միւս կողմից վերջին տարիներին մենք տեսել ենք նահանջ՝ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններից, յուսամ այս անգամ այդ դէպքը չի լինի ու նոյն վարքագիծը չենք տեսնի»,-ըսած է Արարատ Միրզոյեան։