image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանը Կութի հատուածին մէջ կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Ատրպէյճանը Կութի հատուածին մէջ կրակած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ

Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են Գեղարքունիքի մարզի Կութ համայնքի դիրքերու ուղղութեամբ, յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Սեպտեմբերի 5-ին՝ ժամը 00:05-00:20-ն ընկած ժամանակահատուածում, Ադրբեջանի ԶՈւ ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքից կրակ են բացել Կութի հատուածում տեղակայուած հայկական դիրքերի ուղղութեամբ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ 4 սեպտեմբերին, մէկ օրուան ընթացքին 3 անգամ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղակատուութիւն տարածած է` նշելով, թէ հայկական կողմը կը կրակէ ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։ ՀՀ ՊՆ բազմիցս նշած է, որ Ատրպէյճան, ապատեղեկատուութիւն տարածելով, հող կը նախապատրաստէ յետոյ կրակ բանալու համար։