image

Ատրպէյճանը կրակած է Արցախի Սարուշէնի մէջ աշխատող քարշակի վրայ եւ ապատեղեկատւութիւն տարածած

Ատրպէյճանը կրակած է Արցախի Սարուշէնի մէջ աշխատող քարշակի վրայ եւ ապատեղեկատւութիւն տարածած

7 սեպտեմբերին, ժամը 12:10-ի սահմաններուն ատրպէյճանական Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Արցախի Սարուշէն համայնքի դաշտերը աշխատող սարքի ուղղութեամբ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած  է, որ հայկական կողմէն կորուստեր չկան:

Խախտման վերաբերեալ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։

Այս հողորդագրութենէն կարճ ժամանակ անց, ՊԲ-ն յայտնած է, որ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կրկին ապատեղեկատուութիւն տարածած է ։

Անոնք յայտարարած են, թէ իբր Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները 7 սեպտեմբերին, ժամը 10:05 -ի սահմաններուն փորձած են Ասկերանի շրջանի մէջ իրականացնել ամրաշինական աշխատանքներ, եւ որոնք իբր խափանուած են ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններու հետեւանքով։