Ատրպէյճանը բացի աթոմային ռումբէն ամէն զէնք ունի, իսկ, երբ Հայաստանը մէկ- երկու մեքենայ կը գնէ, իրենք աղմուկ կը բարձրացնեն, թէ՝ կը զինուին եւ յարձակողական ծրագրերեր ունին։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը։
Ան պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ՀՀ-ն որեւէ երկրի վրայ յարձակելու նպատակ չունի։
Սիմոնեանը յայտնած է, որ հայկական կողմը բացառապէս պաշտպանական սպառազինութիւն ձեռք կը բերէ։
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուշադիր լինի, թէ ինչի համար է Ադրբեջանն այսօր միլիարդաւոր դոլարներով գնում զէնք-զինամթերք։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է Ադրբեջանին հարց տայ՝ այդքան զինամթերք ի՞նչ պէտք է անեն։ Իսրայէլում ընթացող հակամարտութեան այս թէժ օրերին Ադրբեջանը կարողանում է իր երկիր զէնք տեղափոխել»,- շեշտած է ան։
Ազգային Ժողովի նախագահը նաեւ նշած է, որ հայկական կողմը կառուցողական տրամադրուած է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու հարցով, պատրաստ է քննարկելու որեւէ առաջարկ, բայց կ՚ակնկալէ, որ Պաքուն նոյնպէս կառուցողական ըլլայ։